Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Լեպրոն Ճէյմսի խումբը երկու կէտի տարբերութեամբ` 157-155 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց եւ պարտութեան մատնեց Ճիաննիս Անթեթոքունմփոյի կազմը:
Ճէյմսի կազմի յաղթանակի կողովը նշանակեց Անթոնի Տէյվիս:
Անկախ մրցումին արդիւնքէն հանգանակուեցաւ հինգ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը` բարեսիրական նպատակներու համար:

30 կէտ նշանակեց Քաուհի Լէոնարտ (Լեպրոնի խումբ), իսկ 25 կէտ` Ճիաննիս:
Նշենք, որ Լէոնարտ տիրացաւ «Քոպի Պրայընթ»-ի մրցանակին` այսպիսով հանդիսանալով մրցումին լաւագոյն մարզիկը («Էմ. Վի. Փի.»):