Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն տեղեկացուց, որ անգլիական Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբը երկու տարեշրջանի համար կախակայուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելէ:
Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2020-2021 տարեշրջանէն սկսեալ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն նաեւ 30 միլիոն եւրօ արժող տուգանք մը սահմանեց:
Այս կախակայումը ու տուգանքը սահմանուեցան, որովհետեւ Մանչեսթըր Սիթի ֆինանսական «ֆէր-փլէյ»-ի կանոնագիրը խախտեց:
Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Սիթի պիտի բողոքէ միջազգային մարզական դատարանին մօտ:
Իսկ եթէ պատահի, որ չկարենայ իր ներկայացնելիք այդ բողոքէն յաղթական դուրս գալ, անոր դէմ պատիժ պիտի սահմանէ նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ զայն դուրս ձգելով «Փրեմիեր լիկ»-էն պիտի փոխադրէ ուղղակիօրէն… Դ. դասակարգ:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Սիթի, կրնայ զրկուիլ 2013-2014 տարեշրջանին Անգլիոյ ախոյեանութեան տիտղոսէն: