Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, լիբանանեան համալսարանին մէջ (Քոլայի շրջան), նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի ճատրակի անհատական դասական (խառն) ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ (անոնք կատարուեցան` եօթը օրերու տեւողութեամբ):
Զտումի այս մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ճիօ Գալուստ, որ գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը:
Եօթը մրցումներուն ընթացքին ան արձանագրեց հինգ յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն` այսպիսով, առանց պարտութեան, հինգ ուրիշներու հետ ապահովելով աւարտական հանգրուանին իր տոմսը: Այդ հինգն էին Մոհամետ Հապաշ, Ճօ Ասաատ, Ժաուատ Ֆարհաթ, Էլիաս Սայեղ եւ Սամեր Սըլման:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ընդամէնը` 12 խաղացողներ:
Աւարտին վեց խաղացողները ստացան իրենց տիտղոսները:
Իրաւարարներուն կարգին էր նաեւ ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ միջազգային իրաւարար` Էլի Հուլիշեան: