Երէկ` հինգշաբթի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր տարեկան նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց նախորդ տարուան շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ 2020 տարուան իր յայտագիրը, իր կատարելիքներն ու մշակելիք ծրագիրը:
Նախքան ժողովը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ պարգեւատրեց շարք մը անձնաւորութիւններ (ողիմպիական կոմիտէէն), որոնք Ասիոյ եւ ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոններուն մօտ ստանձնեցին տարբեր տեսակի պաշտօններ` շրջանին մէջ բարձր պահելով Լիբանանի անունը:
Այդ պարգեւատրուողներուն կարգին եղաւ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, որ ստանձնած է շարք մը պաշտօններ:
Կը շնորհաւորենք Վաչէ Ծատուրեանը այս պարգեւատրումին համար: