
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխի եւ անոր անմիջական մրցակից Լայփցիկի միջեւ եղող կէտի մը տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար Քէօլնի (4-1) եւ Վերտըր Պրեմընի (3-0) դէմ:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ (3-րդ), որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին:
Քէօլնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Սերժ Կնապրի տուպլէ մը կատարեց: