Շաբաթ, 15 փետրուարին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Տըքուանէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին վաւերացուց վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները:
Ֆետերասիոնին անդամակցած 23 ակումբներէն 14-ը ներկայ գտնուեցան համագումարին` ժողովին օրինականութիւնը հաստատելով:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը Նեժի Համմուտ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին նախագահ Ռոլան Սաատէ եւ այլ անդամներ, նաեւ` ակումբներու ներկայացուցիչներ:
Ժողովականները քննարկեցին 2020 տարեշրջանին վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր: