Աւելի քան երկու ամսուան դադարէ ետք այսօր կը վերսկսի «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը 1-16-րդ հանգրուանի երթին ծիրին մէջ, կայանալիք երկու մրցումներով:
Խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները աւարտած են, եւ այժմ կը սկսին նաք-աութի հանդիպումները:
Այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան տաք ճակատումներ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Լիվըրփուլը, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտին:
Վաղուան մրցումներուն Աթալանթա կը հիւրընկալէ Վալենսիան, իսկ Թոթենհամ` Լայփցիկին:
Այս չորս մրցումներն ալ կը սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
1-16-րդ հանգրուանի մնացեալ չորս ճակատումները տեղի կ՛ունենան 25-26 փետրուարին: