Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ կազմակերպութեան տեսուչ Կարէն Նալբանդեան նշանակուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումի իրաւարարներու տեսուչ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Գերմանիոյ մէջ կատարուելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի, 18 փետրուարին, եւ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):