Ուրբաթ, 14 փետրուարին իր աւարտին հասաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան տղոց պասքեթպոլի 9-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտականի ճակատումով` հիւրընկալ Յորդանանի եւ Լիբանանի միջեւ:
Լիբանան տիրացաւ տիտղոսին` 71-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով բաւական մրցակցային եւ հետաքրքրական այս մրցումին:
Նշենք, որ Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցաշարքին տիտղոսին: Առաջինը` 2005-ին:
Տիտղոսակիր Լիբանանի մարզիկները, որոնք այս մրցաշարքը աւարտեցին առանց պարտութեան, այսօր` երկուշաբթի, 17 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, կը ժամանեն Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Ի պատիւ Լիբանանի ազգային խումբին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան պատուիրակութեան համար յանձնարարեց բանալ օդակայանին պատուոյ սրահը:
Նշենք, որ նախարար Օհանեան – Գէորգեանէն բացի, լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի դիմաւորեն նաեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Աքրամ Հալապի, այլ անդամներ, մարզական պատասխանատու անձնաւորութիւններ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներու ծնողներ:
Լիբանանի խումբին տիտղոսակիր դառնալէն քանի մը ժամ ետք, նախարար Օհանեան – Գէորգեան շնորհաւորեց Լիբանանի ազգային խումբին կատարած այս բացառիկ իրագործումը` դիտել տալով, որ այս յաղթանակով ու Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ առաւել եւս բարձրացաւ:
Նախարարը նաեւ բարձր գնահատեց Յորդանանի կառավարութիւնն ու անոր պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` անոնց կողմէ ցուցաբերուած բացառիկ հիւրընկալութեան համար: