Յորդանանի մէջ աւարտած թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքին Լիբանանի ներկայացուցիչը` Մոն լա Սալի ակումբը, շնորհիւ իր մարզիկներուն տպաւորիչ ելոյթներուն յաջողեցաւ տիրանալ 9 գունաւոր մետալներու (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ):
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահ Հապիպ Զարիֆէ բարձր գնահատեց Մոն լա Սալի մարզիկներուն ձեռք ձգած այս յաջողութիւնը` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ: