Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան եւ Ասիոյ բաժակակիր Ահտ յառաջիկայ երկուշաբթի, 24 փետրուարին, Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հիւրը պիտի ըլլայ Մանամա Պահրէյնի, (Ա. խմբակ):
Ահտի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող լիբանանցի մարզիկ Մոհամետ Հայտար, որ Հիլալ Քուտսի (Պաղեստին) դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, պիտի բացակայի այս մրցումէն: Անոր վերադարձը կ՛ակնկալուի 2 շաբաթ ետք:
Այդ մրցումին անոր խմբակից Թարեք Ալիի եւ Նուր Մանսուրի մասնակցութիւնը ցարդ հարցականի տակ է (անոնք ապաքինումի ընթացքին մէջ են):
Այլ գետնի վրայ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս նոյն մրցաշարքին Լիբանանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Անսար (Բ. խմբակ), Ֆայսալիի դէմ (Յորդանան) իր մրցումը պիտի կատարէ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, երկուշաբթի, 24 փետրուարին, ժամը 19:00-ին: