Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ ողիմպիականի խաղերուն առաջին դիրքը գրաւած մարզիկները պետութեան կողմէ պիտի ստանան 20-ական միլիոն դրամ:
Երկրորդ դիրքը գրաւողներուն պիտի յատկացուի 15-ական միլիոն դրամ, իսկ երրորդ դիրքը գրաւողները 10-ական միլիոն դրամ:
Այս մարզիկներուն մինչեւ կեանքին վերջ տրուող թոշակը պիտի բարձրանայ:
Աշխարհի ախոյեաններուն պարագային այժմու 55 հազար դրամի փոխարէն պիտի տրուի 100 հազար դրամ, իսկ ողիմպիականի ախոյեաններուն տրուած գումարը պիտի կրկնապատկուի` վերածուելով 200 հազար դրամի:
Նշենք, որ երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուարին, տեղի ունեցաւ տարուան 10 մարզիկներուն պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Կառավարութեան կողմէ, այս միջոցառումին համար տրամադրուեցաւ 50 միլիոն դրամ (իւրաքանչիւրին` 5 միլիոն դրամ):