Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, թելեքոմի պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին:
«Սիսքօ» հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 67-59 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Թաչ» խումբին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Ալֆա», «Այ. Փի. Թի.» եւ «Օժերօ»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: