Ասիոյ պասքեթպոլի 2021-ի բաժակի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` ուրբաթ, 21 փետրուարին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կը հիւրընկալէ Իրաքը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին:
Նշենք, որ վերոնշեալ մարզադաշտին վրայ եւ միեւնոյն ժամուն Լիբանան յառաջիկայ երկուշաբթի, 24 փետրուարին, այլ մրցում մըն ալ պիտի կատարէ, այս անգամ Պահրէյնի դէմ:
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ Լիբանանի համար կը նկատուին կարեւոր մանաւանդ որ մայրիներու կազմը հիւրընկալ կողմն է եւ պէտք ունի յաղթանակի եւ զօրակցութեան իր համակիրներուն, որոնք խիտ շարքերով դաշտ ուղղուելով պէտք է քաջալերեն իրենց խումբը: