Այսօր` հինգշաբթի, 20 փետրուարին, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Ֆիատիէ), ժամը 19:00-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:
Ֆետերասիոնը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ, որ յետաձգուած են Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնն (սեւ գօտի) ու Պէյրութի 3-րդ բաց մրցաշարքը, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենային 2-9 մարտին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ):
Բնականաբար, անոնց յետաձգումին պատճառը Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրն է, մանաւանդ որ վերոնշեալ երկու մրցաշարքերուն մարզիկները, մարզիչներն ու պատասխանատուները կու գան Ասիայէն, մեծամասնութեամբ` Չինաստանէն: