Երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուարին Հայաստանի 2019 տարուան լաւագոյն տասը մարզիկները պարգեւատրուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:
Հայաստանի նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին վարչապետը մարզիկներուն յայտնեց 5-ական միլիոն դրամ:
Պարգեւատրուող տասը մարզիկները եղան. Արթուր Աւետիսեան, Յովհաննէս Բաչքով, Սլաւիկ Գալստեան, Արթուր Ալեքսանեան, Ռուբէն Ալեքսանեան, Տիգրան Կիրակոսեան, Արսէն Յարութիւնեան, Յակոբ Մկրտչեան, Գոռ Մինասեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան: