Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը` Ասիա-2021-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրընկալելով Իրաքը:
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի եւ այլ անդամներ նաեւ` այլ անձնաւորութիւններ:
Այս մարզադաշտը Լիբանանի կատարած մրցումներուն ընթացքին ընդհանրապէս կ՛ըլլար ամբողջութեամբ լեցուն:
Սակայն երկրին տնտեսական պայմանները նկատի առնելով` թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուած չէին: Բայց եւ այնպէս համակիրները իրենց պարտականութիւնը կատարեցին եւ եղան խումբին վեցերորդ մարզիկը:
Պէտք է ըսել, որ մրցումին ամբողջ տեւողութեան Իրաք եղաւ բաւական դժուար մրցակից մը մանաւանդ որ անիկա իր կազմին մէջ ունէր բաւական բարձրահասակ մարզիկներ:
Մարզիչ Ճօ Մուժահեզի կազմը յաջողեցաւ արձանագրել զտումի այս մրցաշարքին առաջին յաղթանակը` 19 կէտի տարբերութեամբ, 87-68 արդիւնքով:
Լիբանանէն ամէնէն աւելի կէտեր նշանակեցին Ուաէլ Արաքժի (21), Ալի Հայտար (19) եւ Քարիմ Զէյնուն (16):
Լուսանկարները տրամադրեց
PROFOTO