Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, Մըզար-Քֆարտըպիան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Սնոպորտ»-ի 2020-ի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանը:
Տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան շարք մը ակումբներու մարզիկները, ինչպէս նաեւ Չեխիայէն ժամանած մարզիկներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ Շարպել Սալամէի եւ այլ անդամներու: