Նախորդ շաբաթավերջին «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 18 ճակատումներ (շաբաթ օր` 10):
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք Հիուսթըն Ռոքեթց, երկարաձգումէն ետք, կէտի մը տարբերութեամբ` 111-110 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրեց Պոսթըն Սելթիքսի դաշտին վրայ: Ռոքեթցէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 41 կէտ:
Մեմֆիսի մէջ, Կրիզլիզ 105-88 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) բաւականացաւ միայն 19 կէտով:
Օրլանտօ Մեճիք, որ հիւրընկալեց Մինեսոթա Վուլվզին, արձանագրեց 136-125 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Աարոն Կորտըն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 11 ռիպաունտ, 12 էսիսթ):
Նշենք, որ ցարդ միայն Միլուոքի Պաքս է, որ ապահոված է փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: