Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարուելիք ճակատումներէն ոմանք պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին Ռէալ Մատրիտ, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ «Քլասիքօ»-ի մրցումին պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Այլ զօրաւոր ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ մէջ, ուր Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Ինթեր Միլանին:
Մնացեալ երկիրներու ախոյեանութեան գծով այլ զօրաւոր ճակատումներ պիտի չըլլան:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած դիրքերը, իսկ ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).