Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած «Այրոֆլոթ-օփըն» 2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին` 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումներով:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Տիգրան Յարութիւնեան եղաւ միակը, որ յաջողեցաւ մրցանակային դիրք մը գրաւել:
Ան Բ. մրցաշարքին մէջ ապահովելով 7 կէտ, երկու ուրիշներու հետ կիսեց 1-3-րդ դիրքերը: Սակայն լրացուցիչ կէտերով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Ինչ կը վերաբերի Ա. մրցաշարքին, Մանուէլ Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեանի հետ հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք, գրաւեց 8-րդ դիրքը` ապահովելով 6 կէտ: