Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան անցնող շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, որ ցարդ անպարտելի էր, ի վերջոյ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

19-րդ եւ նախավերջին դիրքը գրաւող Ուաթֆորտ հանդիսացաւ այն խումբը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել իր հիւրը` 3-0 արդիւնքով:
Լիվըրփուլի անպարտելիութեան շարքը տեւեց 44 մրցում (29-ը` այս տարեշրջանին):
Անոր մարզիչը` Եիւրկըն Քլոփի կազմը, այսպիսով արձանագրեց 39 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն:
«Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ մրցանիշը կը պատկանի Արսենալի, որ մայիս 2003-էն հոկտեմբեր 2004, յաջորդաբար 49 մրցումի ընթացքին մնաց անպարտելի:
Ուաթֆորտի կոլերը նշանակեցին սենեկալցի Իսմայիլա Սարր (54-րդ եւ 60-րդ) եւ Թրոյ Տինի (72-րդ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք այժմ Լիվըրփուլ, որ ունի 79 կէտ, 22 կէտով կը գերազանցէ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեանին Մանչեսթըր Սիթիին: Այս վերջինին կատարելիք մրցումը` Արսենալի դէմ, յետաձգուեցաւ:
Լիվըրփուլէն 29 կէտով ետ կը մնայ 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըր Սիթի, որ այս հանգրուանին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջին դիրքը գրաւող Նորուիչէն:
Ինչ կը վերաբերի Էվըրթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: