«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը շաբաթավերջին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` նշելով, թէ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի ճշդուած ժամկէտին, իսկ բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսին, Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ:
«Մրցաշարքը յետաձգելու նպատակ չունինք: Մնայուն կապի մէջ ենք Իտալիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ անհրաժեշտ չենք տեսներ այդ մէկը յետաձգել աշխարհի տարածքին տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով», յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն:
Նշենք, որ «Եւրօ-2020»-ը նախատեսուած է կատարել 12 յունիսէն 12 յուլիս, եւրոպական 12 երկիրներու մէջ: