Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 1 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենան Լիբանանի 2020 տարեշրջանի վազքի մրցումները` տարբեր տեսակի դասակարգերուն մէջ:
Տեղի պիտի ունենան խմբային վազքի մրցումները, ինչպէս նաեւ 12, 14, 16, 18 եւ 20 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներ (երկսեռ):
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ առաւօտեան ժամը 8:35-ին, կը սկսին 20 տարեկանէն վար տղոց մրցումները: Անոնք կը շարունակուին մինչեւ ժամը 11:35-ին, երբ կը կատարուին 12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումները:
Նշենք, որ նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը: