Լիբանանեան ֆութպոլի դաշտերուն վրայ երկար տարիներ ներկայութիւն եղած, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Անսարի հետ ելոյթ ունեցած անցեալի բերդապահ Ուիսամ Քանժ մահացաւ (երեքշաբթիէն` չորեքշաբթի լուսցող գիշերը):
Ան մաս կազմած է նաեւ Ռասինկի եւ Մապարրայի:
Ուիսամ Քանժ վերջին շրջանին հիւանդութեան դէմ կը պայքարէր:
Նշենք, որ ան 2013-ին հիմնեց ֆութպոլի ակադեմիա մը` իր անունը կրող:
Անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ` համակիրներու եւ ֆութպոլասէր հասարակութեան ներկայութեան: