«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր իտալական Ա. Էս. Ռոման, հիւրը եղաւ Կենքի (Պելճիքա):
Հռոմի կազմը, որ երթին իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ, թէեւ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Ա. Էս. Ռոմայի հոլանտացի յառաջապահ Ճասթին Քլուիվերթի նշանակած կոլին փոխանցման հեղինակը դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, 29-րդ վայրկեանին: