Կիրակի, 1 մարտին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա առաջինին դաշտին` «Սանթիակօ Պեռնապէօ»-ի մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Լա լիկա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ «Քլասիքօ»-ի այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Անթոնիօ Միկել Մաթէօ Լահոս, իսկ «ՎԱՐ» համակարգին պատասխանատու` Խոսէ Կոնցալես-Կոնցալես:
Նշենք, որ ան հինգերորդ անգամ ըլլալով «Քլասիքօ»-ի մրցումը պիտի սուլէ: Երկու մրցումը աւարտած է Ռէալի յաղթանակով, մէկը` Պարսելոնայի, իսկ չորրորդը` հաւասարութեամբ:
Այս ճակատումին նախօրեակին Պարսելոնա 55 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Ռէալ Մատրիտ, 53 կէտով` երկրորդ դիրքը:



