Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ պիտի չմասնակցի ողիմպիական խաղերուն:
Ամառնային այս խաղերը կը սկսին 22 յուլիսին եւ կ՛աւարտին 8 օգոստոսին:
Անոր ակումբը արգիլեց, որ ան մասնակցի այդ խաղերուն` նկատի ունենալով, որ նոր տարեշրջանի նախօրեակին եւ գրեթէ ճիշդ վերոնշեալ ժամանակամիջոցին, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը սկսի իր նախապատրաստութիւններուն` 2020-2021 տարեշրջանին գծով:



