24 յուլիսէն 9 օգոստոս նախատեսուած է կայացնել Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը:
Սակայն ողիմպիական այս խաղերուն կայացումը կրնայ յետաձգուիլ մինչեւ աշնան վերջը` աշխարհի տարածքին արագօրէն տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Ճափոնի կառավարութեան հետ իր ունեցած շարք մը ժողովներէն ետք կրնայ այդ խաղերը յետաձգել:
Երէկուան դրութեամբ, Ճափոնի մէջ արձանագրուած է այդ ժահրով վարակուած 980 պարագայ, մինչ 706-ը մեկուսացուած են «Տայըմընտ փրինսես» զբօսանաւուն մէջ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն աւելի ուշ յայտնեց, որ ողիմպիական խաղերուն բոլոր մասնակիցներուն կը թելադրէ, որ իրենց փորձերը շարունակեն: