«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց 2020 տարեշրջանի իր առժամեայ յայտագիրը, որ կրնայ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ:
Անիկա կ՛ընդգրկէ 34 տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր, որոնց կարգին` «Սփիտ-թեսթ», «Քարթինկ», «Տրիֆթ», ռելի եւ այլն:
Նոր տարեշրջանը կը սկսի կիրակի, 8 մարտին, «Սփիտ թեսթ»-ի մրցումով:
Կիրակի, 21 մարտին տեղի կ՛ունենայ «Քարթինկ»-ի «Ռոթաքս Մաքս»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը:
4-6 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի միջազգային ռելին:
Տարեշրջանը կ՛աւարտի 4 հոկտեմբերին: