
Լիբանանեան շարք մը այլ ֆետերասիոններուն նման, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը եւս, գումարեց իր տարեկան համագումարը` «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ճիւնի):
Ժողովը օրինական էր` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնին անդամակցած 95 ակումբներէն 55-ը:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան եւ վաւերացուեցան ֆետերասիոնին վարչական եւ նիւթաբարոյական տեղեկագիրները:
Ժողովականները քննարկեցին վոլիպոլի տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ընթացքը, առանց սակայն յստակ թուական մը ճշդելու այն գծով, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ 2019-2020 տարեշրջանին ճակատագիրը: