Նախորդ շաբաթավերջին, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով Ուաթֆորտէն պարտութիւն մը կրած (3-0) Լիվըրփուլ կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Չելսիէն (2-0), Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով (Ե. հանգրուան):
«Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին, հիւրընկալ կազմին կոլերը նշանակեցին Ուիլիան (13-րդ) եւ Ռոս Պարքլի (64-րդ)` քառասուն հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Ե. հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արսենալ` Փորթցմաութի դէմ (2-0):
Մանչեսթըր Եունայթըտ իր մրցումը կը կատարէ այսօր` հիւրը ըլլալով Տերպի Քաունթիին, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):



