Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը այս տարեշրջանին յայտնուած է տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ, յայտնեց «Քալչիօ-Մերքաթօ»:
Տարեշրջանին սկիզբը Ա. Էս. Ռոմա կրած է 87 միլիոն եւրոյի վնաս մը: Համեմատութեան համար նշենք, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, մայրաքաղաքի ակումբը ապահոված էր 1,6 միլիոն եւրոյի շահ մը:
Տնտեսական այս կորուստը կապուած է «Չեմփիընզ լիկ»-ին չմասնակցելուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի ծիրին մէջ անկայուն ելոյթներուն:
Ա. Էս. Ռոմա այժմ «Քալչիօ»-ի դասաւորման մէջ 45 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: