Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ ընդգրկուեցաւ «Ուու սքորտ»-ին կողմէ:
Այդ հաւաքականին մէջ են նաեւ անոր երեք խմբակիցները:
Այդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմայի արձանագրած յաղթանակին (Քալիարիի դէմ, 4-3) Մխիթարեան իր նպաստը բերաւ նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով կոլի փոխանցում:
Իր ակումբին հետ ան ցարդ նշանակած է 6 կոլ եւ կատարած 3 կոլի փոխանցում: