Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց ֆութպոլի բաժինի ընդհանուր պատասխանատու Աննա Թադէոսեան իր տուած մէկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ աղջկանց հաւաքականը պիտի օժտուի արտասահմանէն ժամանելիք ֆութպոլիստներով:
Թադէոսեանի համաձայն, կազմին պիտի միանան Միացեալ Նահանգներէն, Լատին Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն մարզիկներ:
Ան աւելցուց, որ ներկայիս եւ ամբողջ 2020 տարուան ընթացքին հաւաքականը ոչ մէկ պաշտօնական մրցում պիտի կատարէ, այլ շարունակական փորձերով պիտի պատրաստուի եւ ձեւաւորուի, որ օգոստոս 2021-էն սկսեալ իր պաշտօնական մրցումներուն պիտի սկսի, երբ տեղի ունենան աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումները:
Թադէոսեան եզրափակեց նշելով, որ ամէնէն կարեւորը այն է, որ ներկայիս մարզիկներուն միջեւ համագործակցութիւնը սքանչելի է: