Յատուկ ժողով մը գումարելէ ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ակումբները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ֆետերասիոնին եւ անոր նախագահին` Աքրամ Հալապիին:
Անոնք դատապարտեցին ֆետերասիոնին դէմ կատարուած ամբաստանութիւններն ու սուտ զրպարտութիւնները` շեշտը դնելով այն կէտին վրայ, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապի ծիրին մէջ, ֆետերասիոնը իր ամէն կարելին ի գործ դրաւ ի սպաս այս մարզաձեւին:
Անոնք եզրափակեցին, որ իրենք կը շարունակեն մնալ ֆետերասիոնին կողքին: