Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ին իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Քալիարի, պաշտօնանկ ընելով իր գլխաւոր մարզիչը` Ռոլանտօ Մարանին, նոր մարզիչ նշանակեց Ուոլթըր Ցենկան:
Անոր պաշտօնազրկման պատճառը բնականաբար խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներն են: Անիկա յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել 5 դեկտեմբերէն ի վեր եւ այժմ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 11-րդ դիրքը` ապահովելով 32 կէտ:
59 տարեկան Ցենկա մարզած է աւելի քան 8 ակումբներ: Անոր վերջին ակումբն էր Վենեցիա:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը անցուցած է Ինթեր Միլանի հետ` անոր հետ կատարելով 328 մրցում: Իսկ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը Ցենկա կրած է 58 անգամ:



