«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին երէկ յայտնեց, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումները կրնան յետաձգուիլ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, որ հետզհետէ աւելի կը տարածուի աշխարհի տարածքին:
Ան ըսաւ, որ ներկայիս որեւէ մրցում չէ յետաձգուած, սակայն որեւէ պահու, երբ մրցումները հիւրընկալող երկիրներու առողջապահական մարմիններէն որեւէ լուր հաղորդուի իրենց, անմիջապէս մրցումները պիտի յետաձգեն:
Երէկ տարաձայնութիւններ կային, որ Եուվենթուս – Լիոն եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումները յառաջիկայ շաբաթ պիտի կատարուին առանց համակիրներու` դռնփակ: