Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը արտօնեց, որպէսզի «Փրեմիեր-Լիկա»-ն վերսկսի:
«Marca» հաղորդեց ըսելով, որ ընդմիջուած ախոյեանութեան վերսկսումը նախատեսուած է՝ 1 յունիսէն ետք միայն:
Բնականաբար, մրցումները պիտի կատարուին առանց հանդիսատեսներու:
Նշենք, որ նախորդ 13 մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները դադրեցան: Անոնք, նախորդ 3 ապրիլին,դարձեալ անժամկէտ յետաձգուեցան: Կը ծրագրուէր, որ անիկա վերսկսի նախորդ 30 ապրիլին, բայց այդ մէկը չկատարուեցաւ: