Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն փորձերը վերսկսելէն ետք, կը կատարուին նաեւ բարեկամական մրցումներ:
Ալաշկերտ Երեւան, որ մրցեցաւ Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ Արմենիայի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Երկու կազմերն ալ կը ծրագրեն, մինչեւ նոր տարեշրջանին վերսկսման ազդանշանը տրուիլը, կատարել նաեւ քանի մը այլ բարեկամական մրցումներ եւս:
Նշենք, որ ցարդ անորոշ է, թէ ախոյեանութիւնը ե՞րբ պիտի սկսի: