Անգլիական «Evening Standard» կը յայտնէ ըսելով, որ Լոնտոնի քաղաքապետը՝ Սատիք Խան, դէմ արտայայտուած է Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան վերսկսման գծով:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով դադրած տարեշրջանին վերսկսումը նախատեսուած է յառաջիկայ ամսուան՝ յունիսի սկիզբը:
«Ան թէեւ հետաքրքրուած է «Փրեմիեր-Լիկ»-ի եւ արհեստավարժ մարզաձեւերուն վերսկսման գծով, սակայն երկիրը ճգնաժամի մէջ է եւ ամէն օր հարիւրաւոր մարդիկ զոհ կ՛երթան «Քորոնա» ժահրին: Այս մէկէն մեկնելով, ան կը յայտնէ ըսելով, որ մայրաքաղաքին մէջ ախոյեանութեան վերսկսումը կը նկատէ կանուխ:
«Ան Լիվըրփուլի համակիր է եւ կ՛ուզէ ախոյեանութեան վերսկսումը, բայց եւ այնպէս այն ժամանակ, երբ մրցումներուն կայացումը ըլլայ անվտանգ», անոր խօսքերը փոխանցեց քաղաքապետարանին մամլոյ գրասենեակը:
Նշենք, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը թոյլատրեց, յառաջիկայ 1 յունիսին վերսկսիլ մարզական մրցումներուն,սակայն՝ առանց հանդիսատեսներու:



