Պարսելոնայի Եւ Ռէալ Մատրիտի Ֆութպոլիստները Սկսան Իրենց Փորձերուն
Սպանական երկու անուանի ակումբներու եւ երկրին մէջ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող ֆութպոլի երկու կազմերու՝ Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստները վերսկսան իրենց փորձերուն:
Ֆութպոլիստները իրենց «Քորոնա» ժահրին քննութիւնները յանձնեցին եւ բնակութիւն հաստատեցին իրենց ակումբին մարզադաշտին մօտակայքը գտնուող վայրերու մօտ, որպէսզի անոնց փոխադրութեան գծով տաղտուկ չստեղծուի:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, ամէն գնով աշխատանք կը տարուի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա Լիկա»- ին երկրորդ բաժինը (դարձի մրցումները) շարունակել եւ տարեշրջանը ամբողջացնել ամէն գնով:
Նշենք, որ ախոյեանութեան մրցումները դադրեցան նախորդ 12 մարտին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական