Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «ՖԻՏԷ»- ի «Ազգերու Լիկա»-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուաններուն յաղթանակներ արձանագրեց:
Արոնեան, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի խումբին, երրորդ հանգրուանին յաղթեց իր հնդիկ մրցակիցին, մինչ չորրորդ հանգրուանին ան իր յաղթանակը արձանագրեց ամերիկացի իր մրցակիցին դէմ:
Չորրորդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեանի կազմը կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Չինաստան, մինչ անոր ետին կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ:
Արոնեան իրեն խմբակից ունի՝ Մաքսիմ Վաշիէ- Լակրաւին, Անիշ Կիրիին եւ Աննա Մուզիչուքին:
Նշենք, որ «ՖԻՏԷ»- ն առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը կատարէ «Ազգերու Լիկա»-ի առցանց մրցաշարքը: