Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան կ՛ուզէ մնալ այժմու իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմային հետ: Այս գծով ֆութպոլիստը տեղեկացուցած է Արսենալին, կը յայտնէ իտալական «Corriere dello Sport»-ը։
Ան այս գծով տեղեկացուցած է իր գործակալին՝ Մինօ Ռայոլալին, յայտնելով, որ շատ գոհ է Հռոմ իր կեցութենէն եւ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է իր բոլոր խմբակիցներուն եւ մարզիչին հետ:
Մինչեւ յառաջիկայ 30 յունիս, Մխիթարեան Արսենալէն փոխ տրուած է Ա. Էս. Ռոմային: Սակայն նկատի ունենալով որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով բոլոր ախոյեանութիւնները յետաձգուած են, ան իտալական կազմին հետ պիտի մնայ քիչ մը աւելի, այսինքն՝ մինչեւ որ այս տարեշրջանը ամբողջանայ:
Այլ գետնի վրայ, վաղը՝ ուրբաթ, 8 մայիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 21։00-ին, «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամի (COAF) Ինսթակրամի էջի հիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ «ԵՈՒՆԻՍԵՖ»- ի բարի կամքի դեսպան՝ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Հարցազրոյցը, որ պիտի ըլլայ ուղղակի պատկերասփռումով, պիտի կատարուի հայերէնով: