Հայաստանի մարմնամարզութեան տարբեր տարիքային հաւաքականներուն ներկայացուցիչները վերսկսան իրենց փորձերուն, այս գծով յայտնեց հայկական մարզական մամուլը:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ՝ Յակոբ Սերոբեան նշեց, որ թէեւ փորձերը վերսկսան, բայց մարզիկներուն միջեւ կը պահպանուին անվտանգութեան բոլոր զգուշութիւնները: Փորձերը տեղի կ՛ունենան՝ Ալպերթ Ազարեանի անուան ողիմպիականի մարզադպրոցին մէջ:
Ան նշեց, որ մօտիկ ապագային որեւէ մրցաշարքի մասնակցելու նպատակ չկայ: Իսկ գարնան ընթացքին նախատեսուած բոլոր մրցաշարքերն ալ անխտիր, տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ աշնան:
Անոր խօսքերով, ամէնէն մօտիկ մրցաշարքը, որուն պիտի մասնակցի Հայաստան, պիտի ըլլայ յառաջիկայ օգոստոսին՝ Պաթումի մէջ (Վրաստան):