«Sport-Express» կը յայտնէ ըսելով, որ մեծ ակնկալութիւն կայ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը չշարունակուի եւ այս տարեշրջանը վաղաժամ աւարտի:
Նշուեցաւ, որ երկրին ախոյեան հռչակուի Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ այժմ 50 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին կը գտնուի Լոքոմոթիւ Մոսկուա, որ ունի 41 կէտ: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ՝ Քրասնոտար:
Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, այս գծով վերջնական որոշում մը պիտի տրուի սակայն յառաջիկայ 15 մայիսին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նիստին ընթացքին:
Վերջերս տարաձայնութիւններ շրջան կ՛ընէին, որ ախոյեանութիւնը կրնայ վերսկսիլ եւ անիկա կատարուի առանց հանդիսատեսներու՝ «Քորոնա» ժահրին պատճառով: