«Football Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Եուվենթուսի գրեթէ բոլոր ֆութպոլիստներն ալ վերադարձան Իտալիա եւ պատրաստ են վերսկսելու իրնց փորձերուն:
Նշուեցաւ, որ Իտալիա չեն վերադարձած միայն՝ Կոնցալօ Հիկուային եւ Ատրիան Ռապիօ:
Ինչ կը վերաբերի այն ֆութպոլիստներուն, որոնք երկրէն չէին հեռացած եւ կը մնային Իտալիոյ մէջ, արդէն իսկ այս շաբաթասկիզբին անոնք սկսած էին իրենց թեթեւ փորձերուն:
Շատ հաւանական է, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ «Քալչիօ»- ն, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդմիջուած էր, վերսկսի յառաջիկայ յունիսին սկիզբը: