Հայկական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան մեծերու եւ երիտասարդական հաւաքականները, սկսած են իրենց ուսումնամարզական հավաքին:
Իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Հայաստանի հաւաքականին մարզիչ՝ Վիգէն Խաչատրեան ըսաւ, որ Աբովեան քաղաքին մէջ գտնուող մարզահամալիրին մէջ կատարուող հաւաքին կը մասնակցին, ընդհանուր առմամբ 16 մարզիկներ, որոնցմէ 10-ը մեծեր են, իսկ 6-ը` երիտասարդներ:
Այս հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ ամսուան աւարտը:
Ինչպէս ծանօթ է, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով յետաձգուած են բազմաթիւ ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր, որոնց կարգին՝ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ պիտի կատարուէր Մոսկուայի (Ռուսիա) եւ «Թոքիօ-2020»- ի 32-րդ Ամառնային Ողիմպիականի խաղերը: