Շաբաթ, 1 օգոստոսին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան լոնտոնեան երկու կազմեր՝ Չելսի եւ Արսենալ:
Թէեւ Չելսի ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, շնորհիւ Քրիսթիան Փուլիսիչի (5-րդ), սակայն Արսենալ նշանակեց երկու կոլ եւ արձանագրելով 2-1արդիւնքով յաղթանակ մը, տիրացաւ տիտղոսին:
Արսենալի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ, որ տուպլէ մը իրագործեց (28-րդ՝ փենալթիով եւ 67-րդ):
Չելսի մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 73-րդ վայրկեանին Մաթէօ Քովասիչ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այսպիսով, Արսենալ իր պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Անգլիոյ բաժակակիր: