Լիվըրփուլի գլխաւոր մարզիչ՝ Եիւրկըն Քլոփ, ճանչցուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանին լաւագոյն մարզիչը, այս գծով երէկ յայտնեց անգլիական մամուլը:
Մրցանակը, որ կը յանձնուի տարեշրջանի մը ընթացքին լաւագոյն արդիւնք արձանագրած մարզիչներուն, կը կրէ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին գլխաւոր մարզիչին՝ Ալեքս Ֆերկըսընի անունը:
Նշենք, որ Քլոփ առաջին գերմանացի մարզիչն է, որ կը տիրանայ «Ալեքս Ֆերկըսըն»-ի անուան այս մրցանակին:
Քլոփ, որ 2015-ին նշանակուեցաւ Լիվըրփուլի մարզիչ, յաջողեցաւ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ հանդիսանալ Անգլիոյ ախոյեան…30 տարուան բաւական երկար սպասումէ մը ետք: